2016-03-29 09:56:00

Ըստ Ապտալլա Բ. թագաւորին` Թուրքիան դիտմամբ Եւրոպա կ՛ուղարկէ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները


Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը  կը կարծէ, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները դիտմամբ Եւրոպա կ՛ուղարկէ:

Թերթը կը նշէ, որ Ապտալլա Բ. թագաւորը նման յայտարարութիւն կատարած է 11 յունուարին` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, սակայն անոր յայտարարութիւնը միայն վերջերս հրապարակուած է:

Քոնկրեսականներու հետ հանդիպումին ընթացքին Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտարարած էր, որ Թուրքիան ահաբեկիչներ կը  նախապատրաստէ եւ Եւրոպա կ՛ուղարկէ: Բացի ատկէ, ան նշած էր, որ Թուրքիան կապ ունի ՏԱՀԵՇ-ի արտադրած քարիւղի առքուվաճառքին հետ:

«Ահաբեկիչներ Եւրոպա ուղարկելը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մաս կը կազմէ», ըսած է Ապտալլա Բ. թագաւորը:








All the contents on this site are copyrighted ©.